Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան պետական ներդրումներու հիմնադրամի «ՓԻ. ՍԻ. ՓԻ. Քեփիթըլ Փարթնըրզ էնտ ԱՐ. ՊԻ. Սփորթց Մետիա» խումբերուն միութիւնը դարձաւ անգլիական Նիւքասըլ Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբին նոր սեփականատէրը:
«Փրեմիեր Լիկ»-ը հաւանութիւն տուաւ այս գործարքին` ստանալով երաշխիքներ, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը պիտի չվերահսկէ ակումբին:
14 տարի ակումբը գլխաւորած Մայք Էշլի աւարտեց վաճառքի գործընթացը:
Նշուեցաւ, որ նոր գործարքը կը գնահատուի 300 միլիոն սթերլինկով:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Նիւքասըլ, որ արձանագրած է 3 հաւասարութիւն եւ կրած 4 պարտութիւն, 3 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման նախավերջին դիրքը: