Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած աճուրդի մը ընթացքին, 1,47 միլիոն ամերիկեան տոլարի վաճառուեցան ամերիկացի անցեալի անուանի պասքեթպոլիստ Մայքըլ ճորտանի «Էր Շիփս» մարզակօշիկները, որոնց հետ ան կատարած էր իր առաջին մրցումը` 1984-ին, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով:
Նշուեցաւ, որ այս գինը կը նկատուի մրցանշային:
Հետագային «Էր Շիփս»-ը վերանուանուեցաւ` «Էր Ճորտան»:
Խաղակօշիկները աճուրդի հանեց Թոմի Թիմ Լուիս, որ փոքրուց եղած էր «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի բոլոր մրցումներուն «պոլպոյ» (գնդակ մատուցող) եւ այդ խաղակօշիկները անձամբ Ճորտանէն նուէր ստացած էր: