Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանը կը սկսի վաղը` հինգշաբթի 28 հոկտեմբերին, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Լիբանանի գործող ախոյեան` Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Անիպալ Զահլէն:
Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Ռիատի արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ Անիպալ Զահլէ կրած է երկու պարտութիւն:
Նշենք, որ երկրորդ հանգրուանը աւարտեցաւ նախանցեալ օր, երբ Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց Հուփսը:
Անդրանիկ, որ տարեշրջանի բացման մրցումին պարտուած էր Ռիատիէն, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 75-71 արդիւնքով:
Անդրանիկէն Եուսեֆ Ղանթուս նշանակեց 23 կէտ, մինչ Հուփսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Խալիլ Աուն (13 կէտ, 19 ռիպաունտ):