Ղազախական մարզական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ասթանայի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան կրնայ պատժուիլ երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին գծով, Քայրաթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ան մրցակից կազմին համակիրներուն հասցէին բաւական անյարգալից վերաբերմունք ունեցաւ:
Նշուեցաւ, որ ան որակազրկուելէ բացի մեծ տուգանքի ալ կրնայ ենթարկուիլ:



