Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Արարատ-Արմենիա ամուր կառչած կը մնայ պարագլուխի դիրքին` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 28 կէտ:
Երկրորդ դիրքը 19 կէտով կը գրաւէ Արարատ, մինչ երրորդ դիրքին վրայ 18 կէտով կը գտնուի Փիւնիկ Երեւան:
Հայաստանի գործող ախոյեանը` Ալաշկերտ-Երեւան, 6 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:
Իսկ վերջին դիրքին վրայ կը գտնուի բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը («ԲԿՄԱ»)` 3 կէտով:
Նշենք, որ 11-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 26 եւ 27 հոկտեմբերին: