Ղազախական Թարազ ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ներկայացուց իր հրաժարականը, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը ընդունեց Մինասեանի հրաժարականը:
Ակումբին ղեկավարութիւնն ու ֆութպոլիստները Մինասեանին շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ իր ամէն կարելին ըրաւ` խումբին հետ յաջողութեան հասնելու համար: