Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Պարսելոնա շատ մեծ աշխատանք կը տանի եւ կը փափաքի խումբին մարզիչ ունենալ Լիվըրփուլի այժմու գլխաւոր մարզիչ Եուրկըն Քլոփը:
Շատ հաւանական է, որ գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտը յառաջիկայ ամրան գլխաւորէ քաթալոնական կազմը:
Կը նշուի նաեւ երկու այլ մարզիչներու` Չաւի (Սատ, Սէուտական Արաբիա) եւ Թոմաս Թուխելի (Չելսի) անուններուն մասին:
Նշենք, որ Պարսելոնայի այժմու մարզիչին` Ռոնալտ Քէօմանի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը եւ անիկա պիտի չերկարաձգուի: