Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի միջազգային միջնապահ Անսու Ֆաթի վնասուածք ստանալով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Պարսայի մամլոյ քարտուղարութիւնը ճշգրիտ ժամանակ չտուաւ, թէ ան որքանո՛վ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
18 տարեկան Ֆաթի, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ 6 մրցումի, երէկ իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել Ռայօ Վայեքանոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (11-րդ հանգրուան):