Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախանցեալ օր Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով թէեւ կատարեց իր չորրորդ մրցումը, սակայն դարձեալ ձախողեցաւ կոլ մը նշանակել:
2005-2006 տարեշրջանէն ետք Մեսսի առաջին անգամ ըլլալով չի յաջողիր կոլ նշանակել ախոյեանութեան առաջին չորս մրցումներուն ընթացքին:
Մարսէյի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով ճերմակ հաւասարութեամբ մը:
Մեսսի եւ Քիլիան Էմպափէ իրենց մասնակցութիւնը բերին ամբողջ մրցումին, մինչ Նէյմար փոխարինուեցաւ 83-րդ վայրկեանին:
Մայրաքաղաքի կազմը` Սեն Ժերմեն, այժմ 28 կէտով առաջին է, իսկ Մարսէյ 18 կէտով` 4-րդ: