Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին վրայ նորվեկիացի Օլէ Կունար Սոլսքիարի փոխարէն մարզիչ ունենալ Անթոնիօ Քոնթէն, որ նախորդ ամրան ընթացքին Ինթեր Միլանէն հեռանալէն ետք կը մնայ առանց աշխատանքի:
Անգլիական մամուլը յայտնեց սակայն, որ իտալացի ֆութպոլի մասնագէտը անգլիական ակումբէն կը պահանջէ նուազագոյնը երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` նոր նախագիծ կազմելու համար անհրաժեշտ ժամանակ ունենալու համար:
Նշենք, որ Քոնթէ Չելսիի, Եուվենթուսի եւ Ինթեր Միլանի հետ նախապէս հանդիսացած է ախոյեան:



