Նախանցեալ օր Լիվըրփուլ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով բաւական մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 5-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի դաշտէն:
Մարզիչ Եուրկըն Քլոփ այսպիսով Լիվըրփուլի հետ արձանագրեց իր 200-րդ յաղթանակը, այս մասին յայտնեց «Օփթա»:
Այսպիսով, գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտը լիվըրփուլեան ակումբի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ առաջին մարզիչը, որ ամէնէն արագ ձեւով հասաւ այս ցուցանիշին:
Այս իրագործումը կատարելու համար անկէ պահանջուեցաւ 331 մրցում:
Անկէ առաջ մրցանիշը կը պատկանէր Քենի Տալկլիշի, որ 333 մրցումի ընթացքին արձանագրած էր 200 յաղթանակ:
Լիվըրփուլի հետ 200 յաղթանակ արձանագրած են նաեւ մարզիչներ Պոպ Փէյզլի (345 մրցում), Պիլ Շենքլի (380 մրցում) եւ Թոմ Ուաթսըն (431 մրցում):