Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:
Անդրանիկ Պէյրութ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելով Ահլի Սայտային:
Ղատիր Ժըպշիթ գրաւեց երրորդ դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք լիբանանեան բանակին հաւաքականին:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը հանդիսացան եօթներորդ:
Անդրանիկ Անթիլիաս, որ գրաւեց 12-րդ եւ վերջին դիրքը, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին անդամներուն: