Ճատրակ. Հնդիկ Ապյիմանիու Փուրանիք Տիրացաւ «Երեւան Օփըն»-ի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին
Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ իր աւարտին հասաւ «Երեւան-Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար երկրորդ անգամ ըլլալով: Տիտղոսին տիրացաւ հնդիկ Ապյիմանիու Փուրանիք, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Ուքրանացի Վիթալի Սիվուք եւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Միքայէլեան իրենց կարգին ապահովեցին 7,5-ական կէտ: Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշով ուքրանացին գրաւեց երկրորդ դիրքը, իսկ Միքայէլեան` երրորդ դիրքը: Մրցաշարքին գլխաւոր...




















