Պուտվա քաղաքին մէջ (Մոնթենեկրօ) իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Հենրիկ Սահակեան ոսկի մետալի մը տիրացաւ:
Սահակեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, 51 քկ դասակարգի մրցումներուն աւարտական հանգրուանի ճակատումին յաղթելով Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Ռուսլան Փիրովին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Եւրոպայի ախոյեանին պարգեւատրեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեան:
Իսկ աղջկանց 60 քկ դասակարգին մէջ, Էլիդա Քոչարեան Հայաստանի համար ապահովեց արծաթ մետալ մը, երբ աւարտականին պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն:
Նշենք, որ նախորդ ախոյեանութեան Քոչարեան հանդիսացած էր երրորդ: