Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Յովհաննիսեան յաղթանակով սկսաւ իր ելոյթներուն:
51 քկ դասակարգի 1-16-րդ հանգրուանի աւարտականին, Ռիոյի ողիմպիական խաղերու մասնակիցը բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց գերմանահայ իր մրցակիցին` Արգիշտի Տէրտէրեանի դէմ` 5-0 արդիւնքով:
1-8-րդ հանգրուանին Յովհաննիսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Հիլ Ռոսքօ:



