Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Քրասնոտար, որ նախորդ շաբաթավերջին հիւրը եղաւ Նիժնի Նովկորոտին, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Քրասնոտարի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 21 տարեկան միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան, որ 56-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, դարձաւ նաեւ էսիսթի հեղինակ:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, Սպերցեան իր մասնակցութիւնը բերած է 11 մրցումի, նշանակած 3 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:
Անոր կազմը իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ապահովեց տարեշրջանի իր 21-րդ կէտը եւ այժմ կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ: