Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա եւ միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէ նախորդ շաբաթավերջին վնասուածք ստացան Պարսելոնայի դէմ տեղի ունեցած «Քլասիքօ»-ի մրցումին, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 10-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած այս մրցումին, Վալվերտէ, որ Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ, քսան վայրկեան ետք ծունկի ցաւի պատճառով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Իսկ Քուրթուա աջ ոտքի վնասուածք ստացաւ` գնդակին հարուած տալու պահուն:
Նշենք, որ իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ, 27 հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Օսասունան (11-րդ հանգրուան):