Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:
Ախոյեան հանդիսացաւ Անդրանիկ Պէյրութ, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ահլի Սայտային:
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները հանդիսացան երրորդ, մինչ Մոն Լա Սալ գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Աւարտականին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամներուն կողմէ: