Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ այցելեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, ուր հետեւեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց եւ աղջկանց կատարած փորձերուն:
Նշենք, որ վերջերս ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը եւս միացաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին:
Հապիպ Զարիֆէն դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Հրայր Սեդոյեան եւ մարզիչ Համբիկ Սուսանի, որոնք անդրադարձան համալիրին մէջ կատարուող փորձերուն:
Զարիֆէ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ին` յոյս յայտնելով, որ մարզիկները շուտով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ախոյեանութիւններու ու մրցաշարքերու եւ անոնց ընթացքին ձեռք կը ձգեն փայլուն արդիւնքներ: