Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներ Մանուէլ Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ճատրակի «Կրանտ Սուիս»-ի միջազգային մրցաշարքին, իրենց արձանագրած բաւական լաւ արդիւնքներուն շնորհիւ յառաջատարներէն ետ կը մնան կէսական կէտով:
Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցող վերոնշեալ մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, անոնք երկուքը ապահոված են 3,5-ական կէտ: Յառաջատարները ունին 4-ական կէտ:
Լեւոն Արոնեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան ապահոված են 3-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, Աննա Սարգսեան ապահոված է 2,5 կէտ (22-րդ), մինչ Էլինա Դանիէլեան` 1,5 կէտ (45-րդ):
Նշենք, որ երկու մրցաշարքերը իրենց աւարտին կը հասնին 9 նոյեմբերին:



