Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները կը շարունակեն իրենց ելոյթները Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Սուիս»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Բ. հանգրուանի հանդիպումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին Լեւոն Արոնեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, մինչ Մանուէլ Պետրոսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, Էլինա Դանիէլեան յաղթեց, մինչ Աննա Սարգսեան պարտութիւն կրեց:
Մրցաշարքը, որ սկսաւ նախորդ 27 հոկտեմբերին, իր աւարտին կը հասնի 9 նոյեմբերին: