Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Տիք Մըհտիի մէջ գտնուող իր դաշտին վրայ, Շանվիլ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Հիւրընկալ կազմը ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ ՀՄԸՄ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է:
ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պէտք է ընէ այսօր` արձանագրելու համար տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ, որ հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը (անիկա ցարդ կատարած է երկու մրցում)` 104-75 արդիւնքով (25-21, 15-17, 33-20 եւ 31-17):
Այսպիսով, ցարդ յաղթանակ մը միայն արձանագրած Անդրանիկ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:
Պէյրութէն 21-ական կէտ նշանակեցին Հայկ Կէօքճեան եւ Էլի Շամուն: Վերջինս նշանակեց 5 թրի փոյթ:
Նոյնքան թրի փոյնթ նշանակեց նաեւ անոնց խմբակից Ռոտրիկ Աքըլ (ընդամէնը` 18 կէտ):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Անդրանիկէն Ժան Մարք Ժարուժ (25) եւ Եուսեֆ Ղանթուս (22):
Իսկ Նախանցեալ օր Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես 76-60 արդիւնքով (21-23, 20-11, 19-15 եւ 16-11) յաղթեց Պիպլոսին:
Սաժեսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Մըզհեր (22 կէտ, 10 էսիսթ), իսկ Պիպլոսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ուիլիըմ Սաուան (15 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Այսպիսով, Սաժես երկու մրցումէ արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ, մինչ Պիպլոս կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը: