Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Բաչքով, տպաւորիչ յաղթանակով մը ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը, Սերպիոյ մայրաքաղաք` Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան գծով:
Հայրենի կռփամարտիկը իր յաղթանակը արձանագրեց ազրպէյճանցի Մալիք Հասանովի դէմ` 3-1 արդիւնքով:
1-8-րդ հանգրուանին Բաչքով իր դէմ պիտի ունենայ իտալացի Ճիանլուիճի Մալանկան: