Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ գտնուող իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
Մրցումը աւարտեցաւ Շանվիլի յաղթանակով` 95-47 արդիւնքով (16-11, 23-5, 34-14 եւ 22-17):
Մինչ Շանվիլ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը (պարտութեան մը կողքին), անդին ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իպրահիմ Հատտատ (25 կէտ), մինչ ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Էլիօ Սաատ (13 կէտ, 10 ռիպաունտ):
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Ռիատի Պէյրութ: