Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, իրենց աւարտին հասան Լիբանանի 14 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ կատարուեցան աւարտականի մրցումները` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի, այլ անդամներու եւ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:
Տղոց աւարտական մրցումին, Մըթայլեպ 76-70 արդիւնքով յաղթեց Սքուատրային, մինչ աղջկանց աւարտականին, Ռիատի Պէյրութ իր յաղթանակը արձանագրեց Հուփսի դէմ` 52-50 արդիւնքով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: