Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան (Փրեմիեր Լիկ») 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ Լոնտոնի մէջ հիւրը եղաւ Թոթենհամին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (39-րդ), Էտինսոն Քաւանի (64-րդ) եւ Մարքուս Ռեշֆորտ (86-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Օլէ Կունար Սոլսքիարի կազմը կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 17 կէտ:
Չելսի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` օգտուելով Լիվըրփուլի արձանագրած հաւասարութենէն` Պրայթընի հետ (2-2):
Լոնտոնեան կազմը` Չելսի, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւքասըլի դաշտէն, այժմ ունի 25 կէտ, մինչ Լիվըրփուլ` 22 կէտ:
Երրորդ դիրքը 20 կէտով կը գրաւէ Մանչեսթըր Սիթի, որ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Քրիսթալ Փալասէն: