Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2021 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Թոպոլ, որ իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին:
Անիկա ապահովելով 61 կէտ, չորս կէտով գերազանցեց Տիգրան Բարսեղեանի Ասթանան, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Իսկ երրորդ դիրքը 51 կէտով գրաւեց Քայրաթ, որուն մաս կը կազմէ Կամօ Յովհաննիսեան:
Քայսար եւ Ժեթիսու փոխադրուեցան Բ. դասակարգ, մինչ Աքսու եւ Մախթարալ բարձրացան Ա. դասակարգ: