Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 29 հոկտեմբերին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս-Տինամօ ճակատումը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Տինամոյի յաղթանակով, 58-50 արդիւնքով (24-19, 7-13, 7-12 եւ 12-14):
Մինչ Տինամօ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, անդին միայն յաղթանակ մը արձանագրած Հուփս կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:
Տինամոյի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Հայտար (21 կէտ):
Այսօր, երեկոյեան ժամը 21:45-ին, Սաժես Ղազիրի մէջ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, իսկ վաղը` կիրակի, Շիահի մարզադաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ հանդիպումը: