Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ, որ հիւրը եղաւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Արարատ-Արմենիային, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Փիւնիկ իր առաջին կոլը նշանակեց 19-րդ վայրկեանին` շնորհիւ վենեզուելացի Խոսէ Քարապալիոյի, մինչ 57-րդ վայրկեանին 22 տարեկան միջնապահ Յովհաննէս Յարութիւնեան արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+6-րդ) հիւրընկալ կազմը նշանակեց իր ուշացած կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Փիւնիկ բարձրացաւ երկրորդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 24 կէտ եւ եօթը կէտով ետ մնալով Արարատ-Արմենիայէն: