Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ օրին մէկը Պարսելոնա վերադառնալու փափաք ունի:
«Միշտ ալ ըսած եմ, որ օրին մէկը կ՛ուզեմ վերադառնալ Պարսելոնա` ստանձնելով թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը: Ասիկա Պարսելոնայի հե՞տ պիտի ըլլայ, թէ՞ այլ ակումբի մը հետ, չեմ գիտեր: Կ՛ուզեմ ամէն գնով իմ ներդրումս ունենալ իմ շատ սիրած ակումբիս հետ: Փափաքս է, որ անիկա զարգանայ եւ շարունակէ մնալ աշխարհի լաւագոյն ակումբներէն մէկը», ըսաւ արժանթինցին:
Նշենք, որ նախորդ 10 օգոստոսին Մեսսի միացաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին` անոր հետ ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: