Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մատրիտեան քաղաքի երկու խումբերը յաղթանակ արձանագրեցին:
Աթլեթիքօ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ռէալ Պեթիսի, մինչ Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էլչէի դաշտէն:
Իսկ Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Ալաւեսը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Այս մրցումին 41-րդ վայրկեանին Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ փոխարինուեցաւ պրազիլցի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիոյով` նկատի ունենալով, որ ան չկրցաւ մրցումը շարունակել` ունենալով ծանր շնչառութիւն եւ ինքզինք զգալով բաւական անհանգիստ:
Պարսելոնա երէկ յայտնեց, որ Ակուերօ թէեւ բաւական լաւ կը զգայ ինքզինք, բայց քանի մը օր պիտի մնայ հիւանդանոց` յաւելեալ քննութիւններու ենթարկուելու համար: