Աշխարհահռչակ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ երէկ այցելեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Աբրահամ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Արմէն Մելիքբէկեան քննարկեցին համագործակցութեան ապագայ ծրագիրներ, մասնաւորաբար Ներքին Չարբախի մէջ Արթուր Աբրահամի կողմէ իրականացուող ներդրումային ծրագիրին վերաբերեալ:
Հանդիպումին աւարտին, ֆետերասիոնին նախագահը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անուանական մարզաշապիկը նուիրեց Արթուր Աբրահամին: