Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան բարելաւեց իր դիրքը ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) կողմէ երէկ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ:
Արոնեան, որ նախորդ ամիս կը գրաւէր 5-րդ դիրքը, այժմ կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ Արոնեան ցարդ կը ներկայացնէ Հայաստանը:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գտնուի 75-րդ դիրքին վրայ, մինչ Հրանդ Մելքումեան` 99-րդ դիրքին վրայ:
Յառաջատարն է աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն:



