Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտականի մրցումը, որուն ընթացքին Լիբանանի 2021 տարուան ախոյեան հանդիսացաւ Մարիանա Սահակեան (Անդրանիկ Պէյրութ)` աւարտականի մրցումին 4-0 արդիւնքով յաղթելով իր խմբակիցին` Թալիա Ազարին:
Այսպիսով, Սահակեան 11-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամներուն: