Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» կը յայտնէ, որ յունուար ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ժամանակամիջոցին, Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է ծախելու արժանթինցի յառաջապահ Մաուրօ Իքարտին:
Մայրաքաղաքի կազմը անոր այս վաճառքէն կ՛ակնկալէ 30 միլիոն եւրօ:
Ըստ շրջանառութեան դրուած տեղեկութիւններուն, իտալական Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբը մօտէն հետաքրքրուած է 28 տարեկան ֆութպոլիստով:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 20 մրցում եւ նշանակած 5 կոլ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը Սեն Ժերմենի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:



