Իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին առաջարկեց 50 միլիոն եւրօ, այս ամսուան ընթացքին իր կազմին միացնելու համար Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէն:
Արքայական ակումբը յառաջիկայ ամրան ընթացքին կրնայ անվճար ձեռք ձգել 23 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը, սակայն անոր ստորագրութիւնը կէս տարի առաջ ունենալու համար պատրաստ է վճարելու 50 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ նախորդ ամառ փարիզեան ակումբը մերժած էր ընդառաջել Ռէալ Մատրիտին, որ առաջարկած էր 180 միլիոն եւրօ:
Ըստ ֆրանսական մարզական մամուլին, Փարիզ Սեն Ժերմեն ցարդ յոյս ունի երկարաձգել իր ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը: