11 յունուարին Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի 2022 տարուան ճատրակի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:
Ախոյեանութեան հիմնական մասը պիտի սկսի 12 յունուարին եւ պիտի աւարտի 23 յունուարին:
Տղոց 82-րդ ախոյեանութեան մասնակցողներն են` Սամուէլ Տէր Սահակեան, Շանթ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Արման Փաշիկեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Զաւէն Անդրէասեան, Տիգրան Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Արման Միքայէլեան, Դաւիթ Շահինեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան:
Իսկ աղջկանց 77-րդ ախոյեանութեան մասնակցողներն են` Մարիամ Մկրտչեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Մարիա Գէորգեան, Աննա Խաչատրեան, Աստղիկ Յակոբեան, Ասիա Եդիգարեան, Մարիամ Աւետիսեան, Վերոնիքա Խաչատրեան, Նարինէ Գասպարեան եւ Նարէ Առաքելեան: