Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ փոխնախագահ Արմէն Նիկողոսեան նախորդ շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցան Սպանիա:
Մելիքբէկեան յառաջիկային կը նախատեսէ սպանական տարբեր կառոյցներու հետ տարբեր տեսակի ծրագիրներ իրականացնել:
Ան հիւրը եղաւ նաեւ «Մարքա» ամէնէն հեղինակաւոր պարբերաթերթին` անոր տալով յատուկ հարցազրոյց մը:
Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սօս Աւետիսեանի հետ:
Դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ծրագիրներուն իրականացման եւ Սպանիոյ տարբեր կառոյցներուն հետ նոր կապերու հաստատման:



