Երէկ` կիրակի, 9 յունուարին Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի 12-րդ յուշամրցաշարքին:
Տարիքային տարբեր խումբերով ընդհանուր առմամբ տեղի կ՛ունենայ 8 մրցաշարք:
Հիմնական մրցաշարքին կը մասնակցին 10 զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողներ, որոնք տիտղոսակիրը պիտի վճռեն շրջանաձեւ մրցակարգով:
Հայաստանի 5 ներկայացուցիչներէն միայն կրանտմասթր Յովիկ Հայրապետեան յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ` յաղթելով իր իրանցի մրցակիցին` Ճաւատ Ալաւի Սայյետին:
Վահէ Դանիէլեան եւ Էմին Օհանեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Արթուր Դաւթեան եւ Արմէն Բարսեղեան պարտութիւն կրեցին:



