Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի Եւրոպայի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Էմին Օհանեանի յաղթանակով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Էմին Օհանեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ, կէտով մը գերազանցեց երկրորդ դիրքը գրաւած Մաքսիմ Ցարուքը (Պիելոռուսիա):
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 45 ճատրակ խաղացողներ:
Հայաստան ունէր միայն ներկայացուցիչ մը: