Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները` փորձելով իր կազմին միացնել Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտը:
Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, անոր փոխանցման գործողութիւնները կատարող Մինօ Ռայոլա ըսած է, որ նորվեկիացին յառաջիկայ տարի պիտի կրէ Պարսելոնայի շապիկը, անշուշտ եթէ անիկա յաջողի անոր փոխանցման գումարը ապահովել:
Ցարդ անոր փոխանցման բանակցութիւնները շատ լաւ կ՛ընթանան` նկատի ունենալով, որ Ռայոլա եւ Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա իրարու հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունին:
Ընթացիկ տարեշրջանին Հաալանտ իր ակումբին հետ «Պունտըսլիկա»-ին գծով ցարդ կատարած է 11 մրցում եւ նշանակած 13 կոլ:



