Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 86-83 արդիւնքով (10-15, 38-26, 15-24 եւ 23-18):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ՀՄԸՄ-էն Տանիել Պաղտատեան, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (27 կէտ, 13 ռիպաունտ): Իր կարգին, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քարլ Զալլում (10 կէտ, 10 էսիսթ), մինչ անոնց խմբակից Քարիմ Ժատայել նշանակեց 24 կէտ:
Իսկ Անդրանիկէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Եուսեֆ Ղանթուս (22 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Զիատ Թաննուս եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել:
Նշենք, որ այսօր եւ վաղը որեւէ մրցում պիտի չկատարուի: