Ռուսահայ Կարէն Խաչանով պարտութիւն կրեց Աւստրալիոյ Ատըլայտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած թենիսի միջազգային մրցաշարքի աւարտականին:
Հայ ազգի թենիսմենը, որ աւարտականին մրցեցաւ ֆրանսացի Կայէլ Մոնֆիսի դէմ, անկէ կրեց 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 19 վայրկեան:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէր 521 հազար եւրօ:
Իսկ աղջկանց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ աշխարհի թիւ մէկ դասուած մարզիկը` աւստրալիացի Էշլի Պարթի, որ աւարտականին պարտութեան մատնեց Ելենա Ռիպաքինան (Ղազախստան):