Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ 25 մարտին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին շարք մը ֆութպոլիստներուն հրաժեշտի մրցումը:
Սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ հայրենի կազմին մրցակիցը ո՛վ պիտի ըլլայ:
Այս միջոցառումին պիտի մասնակցին Գէորգ Գասպարով, Արթուր Եդիգարեան, Ռոպերթ Արզումանեան, Մարքոս Փիցելլի, Լեւոն Հայրապետեան, Էտկար Մանուչարեան եւ Եուրա Մովսիսեան:
Շատ հաւանաբար մրցումին մասնակցի նաեւ Լեւոն Փաչաճեան:
Միւս կողմէ, 29 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Նորվեկիոյ դէմ` վերջինիս մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ:



