Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 4 յունուար տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 16:45-ին:
Նշենք, որ 9-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ տեղի ունեցաւ Շանվիլ-Հուփս մրցումը, Տիք Մըհտիի մէջ:
Անիկա աւարտեցաւ Հուփսի յաղթանակով. վերջինս երկարաձգումէն ետք 84-80 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Տինամօ, որ ցարդ իր կատարած 9 մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած է:
Իսկ 11-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ կը գտնուի Անիպալ Զահլէ, որ իր կատարած բոլոր` 8 մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է: