Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ հիւրընկալեց Վուլվզը, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, Մանչեսթըր Եունայթըտ վերջին անգամ իր դաշտին վրայ Վուլվզէն պարտութիւն կրած էր փետրուար 1980-ին:
Վերոնշեալ թուականէն ետք անոր դաշտին վրայ տեղի ունեցած 10 մրցումներուն Եունայթըտ արձանագրած էր 7 յաղթանակ, մինչ 3 մրցում աւարտած էր հաւասարութեամբ:
Իր կատարած 19 մրցումէն Եունայթըտ ապահոված է 31 կէտ, մինչ նոյնքան մրցում կատարած Վուլվզ` 28 կէտ:



