Ամանորեան արձակուրդէն ետք, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Ուրարտու, 8 յունուարին կը վերսկսի իր փորձերուն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ Ուրարտու ընթացիկ տարեշրջանի գարնանային բաժինի իր նախապատրաստութիւնը պիտի կատարէ իր սեփական մարզադաշտին վրայ:
Խումբը մտադիր է նաեւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում կատարել, առաջինը` 20 յունուարին, Բանակային կենդրոնական մարզական ակումբին դէմ (ԲԿՄԱ), մինչ երկրորդ մրցակիցին անունը ցարդ կը մնայ անորոշ:
Կը նախատեսուի, որ Ուրարտու կատարէ նաեւ արտասահմանեան հաւաք մը:



