Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Արարատ-Արմենիա այս ամսուան վերջը պիտի մեկնի Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ուր պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը:
Տուպայի մէջ նախատեսուած ֆութպոլի բարեկամական մրցումներէն մէկուն, երեւանեան կազմը պիտի մրցի Սլովանի դէմ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Տիգրան Բարսեղեան, այս մասին յայտնեց Սլովանի պաշտօնական կայքը:
Այս մրցումը նախատեսուած է կատարել 1 փետրուարին:
Նշենք, որ ձմեռնային դադարէն առաջ, Արարատ-Արմենիա կը գլխաւորէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր կատարած 15 մրցումէն ապահովելով 40 կէտ: