Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան յառաջիկայ ամառ պիտի գլխաւորէ Փարիզ Սեն Ժերմենը:
«Սփորթ.էս» կայքը յայտնեց, որ 49 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը արդէն իսկ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մայրաքաղաքի կազմին հետ:
Նշենք, որ մայիս 2021-ին Ռէալ Մատրիտէն հեռացած Զիտան անոր հետ յաջորդաբար երեք տարի տիրացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, այլ տիտղոսներու կարգին: