Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնաքօ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

January 5, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պելճիքացի Ֆիլիփ Քլեման նշանակուեցաւ Մոնաքոյի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին շաբաթասկիզբին յայտնեց իշխանապետական կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:

47 տարեկան Քլեմանի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:

Նախքան իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելը, ան պելճիքական Ֆ. Ք. Պրիւժի մարզիչն էր, որմէ ստիպուած եղաւ հեռանալ նախանցեալ օր:

Մոնաքօ յայտնեց, որ անոր մարզիչ նշանակումէն օր մը առաջ, գլխաւոր մարզիչ խրուաթ Նիքօ Քովաչ հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն:

«Լ՛Էքիփ» յայտնեց, որ ակումբին ղեկավարութիւնը 50 տարեկան Քովաչին չթոյլատրեց խումբին կատարած փորձերը ստանձնել:

Նշուեցաւ, որ խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներէն բացի, անոր յարաբերութիւնները ֆութպոլիստներուն հետ երբեք լաւ չէին:

Քովաչ, որ իշխանապետական կազմին միացաւ յունիս 2020-ին, մինչեւ 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր:

Ան եղած է նաեւ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ Պայէրն Միւնիխի եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի մարզիչ:

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Մոնաքօ այժմ 29 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (5 Յունուար 2022)

Յաջորդը

Ռուսիա – ՕԹԱՆ Խորհուրդի Նիստը Տեղի Պիտի Ունենայ 12 Յունուարին

RelatedPosts

Տաքար 2026.  Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի
Մարզական

Տաքար 2026. Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի

November 7, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Յաղթանակը  Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Յաղթանակը Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն

November 7, 2026
Նշանառութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան  Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին
Մարզական

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.